ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան ծառայութիւնը հաստատած է Իսլամական Պետութեան անդամ` Հայաստան մուտք գործելու փորձի մասին տեղեկութիւնը: «Aravot»-ի հարցման ի պատասխան՝ ԱԱԾ-ն նշած է, որ փորձը կանխուած է, ահաբեկիչը ՀՀ քաղաքացի չէր:
Ըստ «PanArmenian.net»-ի՝ նշուած է, որ միայն 2017-ի ընթացքին հակաահաբեկչական քայլերու ծիրէն ներս արգիլուած է միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ հնարաւոր առնչութեան մէջ կասկածուող այլ պետութեան 960 քաղաքացիներու մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն, եւս 95 օտարերկրացի սահմանային վերահսկողութեան տակ են` յատուկ հետախուզման իրավիճակով:
Ուեսթ Փոյնթի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնի` 2016 թուականին յայտնած տեղեկատուութեան համաձայն՝ Իսլամական Պետութիւնը Հայաստանի 1 քաղաքացի կրցած է հաւաքագրել 2013-2014-ի միջակայքին: ԱԱԾ-ն «PanArmenian.net»-ին տրուած պարզաբանման մէջ հերքած էր տեղեկատուութեան իսկութիւնը:
Նոյն 2016 թուականին թրքական մամուլը յայտնած էր երկրի տարածքին ԻՊ անդամ, ՀՀ-ի մէջ ծնած ֆրանսայի քաղաքացի, կրօնափոխ եղած եզիտի Արտիոմ Ալոյեանի ձերբակալութեան մասին: