«Արմենիա» Օդագնացական ընկերութիւնը (Armenia Air Company), «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը եւ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն կը յայտարարեն «Անգամ Մը Հայաստանի Մէջ» ուշագրաւ եւ իրական պատմութիւններու մրցոյթ: Կ’ակնկալուի պատմութիւններու միջոցաւ ներկայացնել Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը, նորովի բացայայտել աշխարհի հնագոյն երկիրներէն մէկուն՝ յայտնի ու տակաւին անյայտ կողմերը:
Մրցոյթին կրնան ներկայացուիլ պատմութիւններ հետեւեալ բովանդակութեամբ.
– Պատմութիւն, որուն հերոսը հեղինակն է
– Պատմութիւն, որուն առանցքը կը կազմէ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկը:
Մասնակցելու պայմաններն են՝
– Գրուածքի առաւելագոյն ծաւալը պէտք չէ անցնի 500 բառը:
– Պատմութիւնները պէտք է ներկայացուին հայերէնով:
– Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ տարբեր երկիրներէ:
– Մրցոյթը կը մեկնարկէ 2017 թուականի Դեկտեմբեր 21-ին եւ կ’աւարտի 2018 թուականի Յունուար 13-ին ժամը 16:00- ին:
– Պատմութիւնները պէտք է ուղարկել contest@armenpress.am հասցէին` «Անգամ Մը Հայաստանի մէջ» թեմայով (subject line):
– Պատմութիւններու կողքին մասնակիցները պէտք է ուղարկեն նաեւ անձնագիրի ելեկտրոնային պատճէնը, հեռախօսահամարը եւ բարձր որակի լուսանկար, որ կը հրապարակուի պատմութեան հետ (անձնական տուեալներու թաքնութիւնը երաշխաւորուած է):
– Ներկայացուող պահանջները չբաւարարող յայտերը կ’որակազրուին եւ մրցոյթին չեն մասնակցիր:
– Մրցոյթի յաղթողներուն անունները կը հրապարակուին Յունուարի 20-ին:
– Պարգեւատրման արարողութեան մասին կը յայտարարուի լրացուցիչ:
Մրցոյթի մասնակիցը պէտք է նկատի առնէ.
– Պատմութեան հեղինակը ըլլալու հանգամանքը:
– Պատմութեան նախապէս որեւէ ձեւով չհրապարակուած ըլլալը (տպագիր կամ ելեկտրոնային տեսքով):
– Այն, որ պատմութիւնը գրուած է յատուկ «Անգամ Մը Հայաստանի մէջ» մրցոյթի համար:
Մրցանակ
Պիտի ընտրուի երկու յաղթող` իւրաքանչիւր բովանդակութեան համար մէկական մրցանակ: Յաղթողները կը ստանան անվճար անվանական տոմս Երեւան-Պէյրութ-Երեւան կամ Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ ուղղութեամբ: Մրցոյթին ներկայացուած եւ որակաւորում ստացած բոլոր պատմութիւնները պիտի հրապարակուին www.armenpress.am կայքի «Անգամ Մը Հայաստանի մէջ» խորագիրը կրող յատուկ բաժնին մէջ:
Յաղթող մասնակիցներու նիւթերը կը թարգմանուին եւ կը տեղադրուին «www.armenia.travel» Հայաստանի զբօսաշրջային պաշտօնական կայքէջին վրայ:
Մրցոյթին յաղթող մասնակիցները պիտի ընտրուին «Արմենիա» Օդագնացական ընկերութեան, «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան եւ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի համատեղ դատական կազմին կողմէ: