ԵՄ-ՀՀ Յանձնաժողովի Եզրափակիչ Յայտարարութիւնը կը Վերահաստատէ ԼՂ Խնդրի Հարցով ԵՄ-ի Յստակ Դիրքորոշումը

Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 19-20 տեղի ունեցած է ԵՄ-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի 17-րդ նիստը:

ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նիստի աւարտին ընդունուած են եզրափակիչ յայտարարութիւն եւ առաջարկներ, որոնք կը հիմնուին Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագրի 83-րդ յօդուածին վրայ:

Ընդունուած փաստաթուղթը կ’արտացոլէ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրման ծիրէն ներս ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն ընթացքը ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ հարթութիւններու վրայ, համագործակցութեան ոլորտներն ու յետագայ ընելիքները:

Փաստաթուղթը մէկ անգամ եւս կը վերահաստատէ ԼՂ հակամարտութեան հարցով ԵՄ յստակ դիրքորոշումը` ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդական ջանքերուն աջակցութեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *