Սոչիի Մէջ ՀՀ Նախագահի Մասնակցութեամբ Սկսած է ԱՊՀ Մասնակից Պետութիւններու Ղեկավարներու Խորհուրդի Նիստը

Սոչիի մէջ, Հոկտեմբեր 11-ին, սկսած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նեղ կազմով նիստը, որուն կը մասնակցի աշխատանքային այցով Ռուսիոյ Դաշնութիւն մեկնած Նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Նիստը կը նախագահէ հիւրընկալող երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նիստին կը քննարկուին քաղաքական, տնտեսական, մշակութային-մարդասիրական ոլորտներու մէջ եւ ԱՊՀ գործունէութեան այլ առանցքային ուղղութիւններով համագործակցութեան յետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր:

Խորհուրդի նիստներուն՝ պետութիւններու ղեկավարներու քննարկման արդիւնքները, ներառեալ` ստորագրուած փաստաթուղթերու մասին տեղեկատուութիւն, ԶԼՄ-ներու հետ հանդիպման կը ներկայացնէ ԱՊՀ գործադիր կոմիտէի նախագահ-գործադիր քարտուղար Սերգէյ Լեպետեւը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *