Սերժ Սարգսեանի Ուղերձը Հայ-ռուսական Միջտարածաշրջանային եւ Եւրասիական Գործընկերութեան Համաժողովներու Մասնակիցներուն

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ուղերձ յղած է Հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային վեցերորդ եւ Եւրասիական գործընկերութեան երկրորդ միջազգային համաժողովներու մասնակիցներուն եւ հիւրերուն:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ուղերձին մէջ նշուած է.

«Անկեղծօրէն կ՝ողջունեմ «Հայաստանը եւ Ռուսիան. գործընկերութեան բոլոր եզրերը» խորագիրով Հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային վեցերորդ եւ Եւրասիական գործընկերութեան երկրորդ միջազգային համաժողովներու մասնակիցները եւ հիւրերը:

Այսօր կարելի է վստահօրէն ըսել, որ համաժողովները դարձած են բովանդակալից, կառուցողական երկխօսութեան համար արդիւնաւէտ հարթակներ` ապացուցելով իրենց պահանջուածութիւնը: 

Համաժողովներու պարբերական իրականացումը թոյլ կու տայ քննարկելու օրակարգային արդիական հարցեր, բացայայտելու մեր երկիրներուն համագործակցութեան յետագայ զարգացման ներուժը:

Հայաստանը առաջնահերթ ուշադրութիւն կը յատկացնէ Ռուսիոյ հետ բազմաշերտ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման: Մեր երկիրներու տնտեսութիւնները սերտօրէն փոխկապակցուած են: Մենք միասին կ՝իրականացնենք ծաւալուն նախագիծեր առեւտրատնտեսական, ճարտարագիտական, մշակութային-մարդասիրական եւ երկկողմ փոխգործակցութեան այլ ոլորտներու մէջ:

Համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ մեծ դեր կը խաղան մեր երկիրներու տարածաշրջանները, որոնց համար հայ-ռուսական համաժողովը դարձած է տարածաշրջաններու տեղական իշխանութիւններու, գործարար եւ փորձագիտական համայնքներու ներկայացուցիչներու անմիջական շփման հարթակ: Ուրախալի է, որ հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային նախորդ համաժողովներուն ընթացքին մշակուած առաջարկները կեանքի կը կոչուին համատեղ նախաձեռնութիւններու միջոցով:

Անկասկած, ընդելուզման գործընթացները կը նպաստեն միջտարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման: Առաջին հերթին ատիկա կը վերաբերի Եւրասիական տնտեսական միութեան, որուն շնորհիւ ապակեդրոնացած փոխգործակցութիւնը բարձրացած է նոր, աւելի բարձր մակարդակի: Եւրասիական տնտեսական միութիւնը բազմապատկած է մեր երկիրներու ստեղծարար ներուժը, վերացուցած է շատ խոչընդոտներ փոխշահաւէտ տնտեսական համագործակցութեան ճանապարհին: Մեր ընդելուզման միաւորման հիմնական խնդիրը այն է, որ ողջ նախաձեռնածն ու յառաջիկայ ծրագիրները իրականացնելը յանգեցնէ կեանքի որակի եւ բարեկեցութեան բարձրացման, ըլլայ շօշափելի իւրաքանչիւր քաղաքացու եւ տարածաշրջանի համար:

Յոյսով եմ, որ այս համաժողովին ընթացքին պիտի ըլլայ կարծիքներու արգասաբեր փոխանակում, որ պիտի յանգեցնէ նոր պահանջուած գաղափարներու ստեղծման, որոնք մենք միասին կեանքի պիտի կոչենք` ի շահ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու: Իսկ համաժողովին ընթացքին մշակուած խորհրդատւութիւնները պիտի նպաստեն գործարար կապերու, միջտարածաշրջանային փոխանակումներու զարգացման, հասարակական, ներառեալ` երիտասարդական կազմակերպութիւններու փոխգործակցութեան ընդլայնման, Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակներու մէջ յետագայ ընդելուզման:

Համոզուած եմ, որ Եւրասիական գործընկերութեան երկրորդ միջազգային համաժողովը, իր հերթին, պիտի նպաստէ Եւրասիական տնտեսական միութեան գործարար եւ ներդրումային լայն հնարաւորութիւններու բացայայտման ու նոր փոխշահաւէտ գործարար նախագիծերու իրականացման:

Համաժողովներու իրականացումը կը համապատասխանէ եղբայրութեան եւ բարեկամութեան աւանդոյթներուն, որոնցմով մեր ժողովուրդներու յարաբերութիւնները ամրացուած են երկար դարերու ընթացքին: Համոզուած եմ, որ այս աւանդոյթները այսուհետեւ եւս պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դաշնակցային ամրապնդման:

Կը մաղթեմ համաժողովներու բոլոր մասնակիցներուն եւ հիւրերուն արգասաբեր աշխատանք եւ նոր ձեռքբերումներ` ի բարօրութիւն մեր պետութիւններու եւ ժողովուրդներու»:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *