ՀՀ Վարչապետը Միջազգային Ընկերութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ Քննարկած է Հայկական Գիւղ Ծրագիրին Մանրամասները

ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Երեւանի մէջ Հայկական գիւղ ազգագրական թաղամասի կառուցապատման մրցոյթին յայտ ներկայացուցած միջազգային չորս ընկերութիւններու ներկայացուցիչները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են թաղամասի կառուցապատման առնչուող շարք մը հարցեր, անդրադարձ եղած է ներդրումային ծրագիրի մանրամասներուն եւ տեսլականին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Նշուած է, որ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները արդէն իսկ ծրագիրը մանրամասն քննարկած են ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին հետ, շրջած Հայաստանի տարբեր զբօսաշրջային վայրերու մէջ, ծանօթացած հայկական մշակոյթին ու աւանդոյթներուն:

Վարչապետ Կարապետեան յայտնած է, որ Հայկական գիւղ-ը պիտի ըլլայ տնտեսապէս գրաւիչ յաջող գործարարական ծրագիր եւ աւելցուցած, որ կառավարութիւնը պատրաստ է ծրագիրին հետ կապուած քննարկելու ընկերութիւններուն ներկայացուցած բոլոր առաջարկները: «Անիկա Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտ պիտի բերէ նոր փոփոխութիւններ: Երեւան ժամանողին պիտի կարենանք համապարփակ ներկայացնել հայկական աշխարհը, ներառեալ` Սփիւռքը, մեր պատմութիւնը, միջավայրը` ըստ տարածաշրջաններու եւ քաղաքներու: Թաղամասը կրնայ դառնալ Հայաստանի այցեքարտը եւ իր լայն ենթակառուցուածքներով պիտի համապատասխանէ զբօսաշրջիկներու սպասելիքներուն»,- ըսած է կառավարութեան ղեկավարը` աւելցնելով, որ ծրագիրին շուրջ աշխոյժ քննարկումներ կ՝ընթանան ներդրողներուն հետ: 

Կ՝ակնկալուի թաղամասի կառուցապատման մրցոյթը ամփոփել Նոյեմբերի սկիզբը: Ծրագիրով, որ կը գնահատուի 100-150 միլիոն տոլար, կը նախատեսուի ստեղծել Հայաստանի տարբեր տարածաշրջաններու քաղաքային եւ գիւղական բնակավայրերու ազգային աւանդոյթներուն ու պատմականօրէն ձեւաւորուած ճարտարապետական դիմագիծին բնորոշ ազգագրական թաղամաս` բնակելի տուներով, հիւրանոցներով (հիւրատուներով), ինչպէս նաեւ նկարչութիւնն ու ազգային արհեստները (գորգագործութիւն, դարբնագործութիւն, կաւագործութիւն, յուշանուէրներու պատրաստում) ներկայացնող ցուցասրահներով: Կը նախատեսուի, որ թաղամասը պիտի ունենայ շարժանկար-թատերասրահ, այգի, համերգասրահ, թարմ տեղական արտադրանք  առաջարկող բացօթեայ շուկայ եւ այլ ենթակառուցուածքներ: 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *