Հայաստանի եւ հայկական Սփիւռքի համար կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը կը շարունակէ մնալ հայապահպանութիւնը: «Հայաստան-Սփիւռք» 6-րդ համաժողովի փակման լիագումար նիստի ընթացքին յայտնած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
«Մեր հիմնական խնդիրներէն մէկը կը շարունակէ մնալ հայապահպանութեան հիմնահարցը, քանի որ բոլորս ալ կը հասկնանք, որ փոխուող աշխարհի մէջ կը փոքրանան, կ’ուծացուին հայկական համայնքները: Բայց ես համոզուած եմ, որ եթէ մենք պատասխանատու ձեւով, համատեղ շարունակենք մեր աշխատանքը, կարենանք մեր տիրոյթ բերել շատ հայեր: Մենք ինքնակազմակերպման խնդիր ունինք որոշ համայնքներու պարագային: Խառն ամուսնութիւններուն թիւը կ’աւելնայ, մայրենի լեզուն կրողներուն թիւը կը նուազի, հայկական դպրոցները եւ մշակութային կեդրոնները կը փակուին, կան երկիրներ, ուր խնդիրներ կան հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` նշած է նախարարը:
Ան ըսած է, որ աշխարհի 118 երկիրներու մէջ հայկական համայնքներ կան, իսկ ատոնք ունին տարբեր կառուցուածք եւ տարբեր իրաւական կարգավիճակ: «Մենք ունինք քաղաքներ, գիւղեր, որոնք ամբողջապէս հայաբնակ են: Հայերուն բնորոշ է օտար միջավայրին արագ ընդելուզուիլը եւ ազգային դիմագիծերը պահելը: Հայերը կրնան շատ արագ համարկուիլ այլ երկիրներու հասարակական եւ տնտեսական կեանքին` պատիւ ստեղծելով հայ ազգին, Հայաստանի համար»,- ըսած է Յակոբեան:
Ան նաեւ յայտնած է, որ հայկական Սփիւռքի մէջ ունինք 829 համայնք, 30 հազար հայկական կազմակերպութիւն, 38 համահայկական կազմակերպութիւն, 724 գործող եկեղեցիներ եւ վանքեր, հազարէ աւելի դպրոցներ, 637 մշակութային կեդրոններ: «Մենք ունինք հզօր կառուցուածքային միաւորներ, որոնք ստեղծուած են եւ կը գործեն հայապահպանութեան համար, իսկ հայապահպանութեան գլխաւոր զէնքը մեր երիտասարդութիւնն է»,- ըսած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարը: