Հայաստանի Անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին Չի Խոչընդոտեր Այլ Շուկաներու Հետ Համագործակցութիւնը. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան չի խոչընդոտեր, այլ շուկաներու հետ համագործակցութիւնը:

«Հայաստան-Սփիւռք» 6-րդ համաժողովին ընթացքին՝ նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը` պատասխանելով համաժողովի մասնակիցներէն մէկուն հարցին: «Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ մենք ընկերութիւն կ’ընենք ո՛չ ի վնաս այլ յարաբերութիւններու: ԵԱՏՄ-ն շատ պարզ տնտեսական հարթակ է, անիկա ակումբ մըն է, ուր հինգ երկիր համաձայնած են այդ ակումբին մէջ աշխատող կանոններուն շուրջ: Եւ այն ցուցանիշները, որոնք մենք կը հրապարակենք` արտահանում, ներմուծում, տնտեսական աճ, կը հանդիսանան այդ քաղաքականութեան հետեւանք»,- ըստ «Armenpress.am»-ի՝ նշած է վարչապետը:

Ան աւելցուցած է, որ Հայաստան մաս կը կազմէ մեծ շուկայի մը, իսկ երկրի հիմնական արտադրութիւնը պատմականօրէն հիմնուած է այդ շուկաներու վրայ: «Այնպէս չէ, որ մենք շատ առաջարկներ ունինք այլ շուկաներու մէջ, բայց այնպէս ալ չէ, որ մենք այլ շուկաներուն վնաս կու տանք: Քանի մը թիւ ըսեմ` մենք ունինք արտահանման  մեծ աճ ե՛ւ Իրան, ե՛ւ Եւրոմիութիւն»,- ըսած է Կարէն Կարապետեանը:

ՀՀ վարչապետը շեշտած է, որ ներդրողներուն կ’ըսուի, թէ  անոնք միայն Հայաստանի 3 միլիոնանոց շուկայ չեն մտներ: «Մենք անոնց կ’ըսենք, որ Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելով իրենք կը մտնեն կա՛մ Եւրասիական տնտեսական միութեան 180 միլիոնանոց շուկայ, կա՛մ Իրանի 80 միլիոնանոց շուկայ, կա՛մ Եւրոպական Միութեան շուկայ: Բազմաթիւ եւրոպացիներ կան, որոնք կ’ուզեն գալ այստեղ, որպէսզի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ մտնեն: Աւելին, ԵԱՏՄ-ի մէջ պիտի ըլլան կառոյցներ, որոնք պիտի գան այստեղ, որպէսզի մեր GSP+ համակարգէն օգտուելով` Եւրոպա մտնեն, Իրանի հարթակը օգտագործեն»,- ընդգծած է ան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *