ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդունած է Իրաքի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու նախարար Ապտ Ալ-Ռազըք Ապտ Ալ-Ճալիլ Ալ-Իսսայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ողջունելով հիւրերը, ՀՀ ԿԳ նախարարը կարեւոր համարած է հայ-իրաքեան յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած գործնական քայլերը, յատկապէս կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ:
Հանդիպման ընթացքին ներկայացնելով Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն ընթացքը, նախարարը շեշտած է, որ անոնք ուղղուած են կրթութեան որակի բարձրացման՝ կրթութեան բոլոր աստիճաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ կրթութիւն-գիտութիւն, կրթութիւն-աշխատաշուկայ կապի հնարաւոր տարբերակի մշակման:
Նախարար Լեւոն Մկրտչեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի բարձրագոյն կրթական համակարգը Պոլոնեան գործընթացի աշխոյժ մասնակից է եւ այժմ կը պատրաստուի անցնել եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան ծրագրային հաւատարմագրում: Այդ առումով՝ ԿԳ նախարարը կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ Իրաքի հետ համագործակցութեան` կրթաթոշակներու տրամադրման, ուսանողներու փոխանակման գործընթացը ապահովուի երկու պետութիւններու կրթութեան նախարարութիւններու երաշխաւորագրերու առկայութեամբ: Լեւոն Մկրտչեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Հայաստանը «Հորիզոն 2020» եւրոպական գիտական ծրագիրի լիիրաւ անդամ է, որ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ համատեղ գիտական նախագիծերու իրականացման համար: ԿԳ նախարարը յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային պիտի ամրապնդուին ու պիտի զարգանան հայ-իրաքեան կրթական եւ գիտական յարաբերութիւնները, որոնք պիտի արձանագրուին համագործակցութեան յուշագիրով:
Իրաքի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու նախարարը շնորհակալութիւն յայտնելով նախարար Մկրտչեանին ջերմ ընդունելութեան համար, հայ-իրաքեան յարաբերութիւններու զարգացման ծիրէն ներս կարեւոր համարած է կրթական ոլորտին մէջ լայն համագործակցութեան հնարաւորութիւնը: Ան մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է յատկապէս բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին մէջ, բժշկական եւ ճարտարագիտական մասնագիտութիւններուն նկատմամբ, շեշտած համագործակցութեան հնարաւորութիւնները բնական գիտութիւններու մասով:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնաժողովի չորրորդ նիստը կը նախատեսուի իրականացնել Սեպտեմբեր 25-26, Երեւանի մէջ: