Հոքլանտի Յայտարարութիւնը Ո՛չ Վերջնագիր Է, Ո՛չ Ալ Պարտադրանք. Դաւիթ Բաբայեան

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոքլանտի յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի խաղաղ լուծման մասին վերջնագիր չէ, ճնշման մեթոտ չէ: Այս մասին, ըստ «Tert.am»-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ  բանբեր Դաւիթ Բաբայեան:

Ամերիկացի համանախագահի յայտարարութեան մէջ ներկայացուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման 6 կէտ, որոնցմէ մէկը կ’ըսէ. «Նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքին, որ Պաքուի կողմէ չի վերահսկուիր, պէտք է ժամանակաւոր կարգավիճակ տրուի, որ առնուազն կ’ապահովէ անվտանգութեան եւ ինքնավարութեան երաշխիքներ: Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գրաւուած տարածքները պէտք է յանձնուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան: Այնտեղ չի կրնար որեւէ բնակեցում ըլլալ` առանց հաշուի առնելու Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը: Այդ տարածքներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը պէտք է վերականգնի»:

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի, այս յայտարարութիւնը չի նշանակեր թէ կողմերը տագնապի լուծման մէջ ներգրաւուածները հասած են հասարակ յայտարարի:

«Նման յայտարարութիւն, փաստաթուղթ մը չի նշանակեր, որ տագնապը լուծուած է, կամ բոլորը հասած են համաձայնութեան: Այսպիսի փաստաթուղթ նախապէս ալ եղած է, ասիկա պարտադրանք չէ, պարզապէս տեսլական է», շեշտած է ան:

Դաւիթ Բաբայեան նաեւ ընդգծած է, որ Հոքլանտի յայտարարութեան մէջ կայ նաեւ երկու շատ կարեւոր կէտ:

«Մէկը այն է, որ խաղաղ լուծում պիտի ըլլայ, երկրորդը  այն է, որ այս փաստաթուղթին մէջ Արցախը կը դիտարկուի իբրեւ առանձին, Ազրպէյճանին չպատկանող  կազմաւորում: Ինչ կը վերաբերի այլ խնդիրներու՝ կան երեւոյթներ, որ Ազրպէյճանի համար անընդունելի են: Անոնք երբեք չեն դիտարկած Արցախի ինքնորոշման կամ անկախութեան փաստի ճանաչման կարելիութիւնը: Փաստօրէն այնտեղ նշուած է, որ Արցախը Ազրպէյճանինը չէ, կը խօսուի  միջանկեալ կարգավիճակի մասին: Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի համար օրինական թուող պահանջները կը չէզոքացուին այս փաստաթուղթով: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ փաստաթուղթը լիովին ընդունելի է, յարգելի է», ընդգծած է Դաւիթ Բաբայեան:

Դաւիթ Բաբայեան շեշտած է, որ Արցախի Հանրապետութեան  պաշտօնական դիրքորոշումը չէ փոխուած, կայ քանի մը կարեւոր մօտեցում: Ըստ անոր, կարեւոր մօտեցումներէն առաջինը այն է, որ բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը պիտի վերականգնի, պաշտօնական Ստեփանակերտը պիտի մասնակցի բանակցային հոլովոյթին:

«Երկրորդ կարեւոր դիրքորոշումը այն է, որ այս տագնապը պիտի լուծուի փաթեթով, այլ ոչ թէ այլ տարբերակով, ամբողջական ամէն հարց պիտի լուծուի: Ոչ մէկ հարց պէտք է մնայ ապագային: Տագնապը այնպէս մը պէտք է լուծուի, որ վաղը չստեղծուի աւելի բարդ, աւելի վատ իրավիճակ: Ազրպէյճանը կ՛ուզէ փուլային, թող ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը, այդ պարագային մենք կը բանակցինք», նշած է Դաւիթ Բաբայեան:

Ան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի վարած հայատեաց քաղաքականութիւնը հաշուի առնելով` իւրաքանչիւր մօտեցում մանրակրկիտ ձեւով պիտի դիտարկուի:

«Ինչ կը վերաբերի Հոքլանտի յայտարարութեան, անգամ մը եւս ըսեմ` ասիկա պարզապէս տեսլական է, եղած են տարբեր մօտեցումներ, որոնցմէ նաեւ հրաժարած են: Համանախագահները միշտ ըսած են, որ պարտադրանք չկայ: Ասիկա տարբեր սկզբունքներու համատեղում է, որ չի նշանակեր, թէ փոփոխութեան ենթակայ չէ, կամ փաստաթուղթը կատարեալ է», եզրափակած է Բաբայեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *