Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, Օգոստոս 21-ին, հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` Արցախի Հանրապետութեան 26-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն վերաբերեալ:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, համապատասխան զեկոյցով հանդէս եկած է Ազգային ժողովի նախագահ, ԼՂՀ հռչակման 26-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ձեռնարկներու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է ձեռնարկները բարձր մակարդակով իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը, համապատասխան յանձնարարականներ տալով քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ: