Երեւանի Գարեջուրի 4-րդ Փառատօնը Հաւաքած է Աւելի Շատ Մասնակիցներ Եւ Հիւրեր

Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան Ամառ 2017» եռամսեայ միջոցառումներու ծրագրով հերթական միջոցառումը գարեջրասէրներու համար էր: Կարապի լիճի յարակից տարածքին կազմակերպուած է արդէն աւանդական դարձած,  մայրաքաղաքի բնակիչներու եւ հիւրերու կողմէն սիրուած Երեւանի գարեջուրի 4-րդ փառատօնը: 

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են  Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն,  միջոցառման ընթացքին հայկական գարեջրային շուկայի առաջատար ընկերութիւնները, մայրաքաղաքի գարեջրատուները, սրճարաններն ու pub-երը մասնակիցներուն ներկայացուցած են հայկական գարեջրագործութեան լաւագոյն աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ գարեջուրի ստեղծման շուրջ երեքհազարամեայ պատմութիւնը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *