«Voskanapat.info»-ն Ապրիլեան Պատերազմին Ազրպէյճանի Կորուստներու Մասին Փաստաթուղթ Հրապարակած է

Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեանը «voskanapat.info» կայքին մէջ հրապարակած է փաստաթուղթ մը, որ նոր բացայայտումներ կ’ընէ 2016 Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին Ազրպէյճանի կորուստներու եւ վիրաւորներու թիւին առնչութեամբ:

Փաստաթուղթը, ըստ «Արմենփրես»-ի, Ազրպէյճանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Նաճմետտին Սատիքովը հասցէագրած է պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին, անցեալ տարուան Ապրիլ 28-ին:

«Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար զօրավար-գնդապետ Զ.Հասանովին
Յարգելի պարոն նախարար.
կը զեկուցեմ Ձեզ, որ 2016 Ապրիլ 2-6 ինկած ժամանակահատուածին ԱՀ ԶՈւ անձնակազմի ընդհանուր կորուստները կազմած են 558 զոհուած եւ 1293 վիրաւոր զինծառայող: Վիրաւոր զինծառայողներէն 58-ը կը գտնուին ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: Զոհուած 558 զինծառայողներէն 52-ին անձը հնարաւոր չէ նոյնականացնել:
Զոհուած զինծառայողներէն 205-ը կը հանդիսանան ՊՆ ՀՆ ուժերու զինծառայողներ: Անոնցմէ 98-ը զոհուած են Թալիշ-Աղտարա (Մարտակերտ), 32-ը` Ֆիզուլի-Ջէպրայիլ, իսկ 75-ը` կեդրոնական ուղղութիւններով իրականացուած յարձակողական մարտական գործողութիւններու ժամանակ:

ԱՀ բնակչութեան մէջ Զինուած Ուժերու հանդէպ բացասական քննադատութիւնները, Բանակի անձնակազմի բարոյահոգեբանական ոգիի յետագայ անկումը եւ անձնակազմի խուճապային տրամադրութիւնները վերացնելու նպատակով՝ կ’առաջարկեմ.
1. ԱՀ ԶՈւ-ի զոհուած զինծառայողներու դիերու փոխանցումը չիրականացնել միաժամանակ (շաբաթական մօտ 60):

  1. Զոհուած զինծառայողներուն մէկ մասի յուղարկաւորութեան արարողութիւնները՝ ծնողներու հետ համաձայնեցնելով՝ իրականացնել գիշերային ժամերուն, վերահսկողութեան ներքոյ:
  2. Զոհուածներու ընտանիքներուն ՊՆ հիմնադրամէն յատկացնել 5000 մանաթ:
    Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտապի Պետ
    պաշտպանութեան Նախարարի Առաջին Տեղակալ
    զօրավար-գնդապետ Ն.Սատիքով»,- նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Մելիք-Շահնազարեանի խօսքով` Ազրպէյճանի ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետ Նաճմետտին Սատիքովի այս զեկուցագիրը, ազրպէյճանական մամուլին եւ յատկապէս հասարակական ցանցերու մէջ մշտապէս հանդիպող բազում գնահատականները, ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճանի մէջ իրենց քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը իրական գնահատելու լուրջ խնդիր կայ: Զիրար չխաբելու, յարգելու, սուտը պետական քաղաքականութեան մակարդակ չհասցնելու, փաստերուն իրատեսական գնահատական տալու խնդիր կայ: Բան մը, որմէ այդքան հետեւողականօրէն խուսափած է Ալիեւի վարչակազմը եւ իբրեւ արդիւնք՝ ստացած է պարտուողական տրամադրութիւններով հասարակութիւն: Ժողովուրդ, որ արդէն կը պահանջէ իրմէ՝ ընդունելու պարտութիւնը: Եւ այդ պահանջը օր օրի աւելի լսելի կը դառնայ:

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *