Համանախագահները կ’աշխատին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման կազմակերպման ուղղութեամբ: Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, «Trend»-ին ըսած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլանտ:
Ամերիկացի դիւանագէտը ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար հակամարտութեան կողմերուն հետ աշխատելուն: «Յատկապէս այս պատճառով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միւս համախանագահներուն հետ մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել, որպէսզի որքան հնարաւոր է արագ կազմակերպենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումը` հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու նպատակով բանակցութիւններ իրականացնելու համար: Ես կ’ուզէի յիշեցնել, որ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները միջնորդներ են: Մենք չենք կրնար կողմերուն ստիպել վերջնական որոշումներ ընդունիլ: Միայն հակամարտութեան կողմ երկիրներու առաջնորդները ի վիճակի են զայն լուծել, երբ պիտի գայ պատմական որոշում կայացնելու ժամանակը, որ խաղաղութիւն պիտի ապահովէ եւ ամբողջ տարածաշրջանի բարգաւաճման պիտի յանգեցնէ»,- աւելցուցած է ան:
Հոկլանտ նշած է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն դիւանագիտական գործունէութեան աշխուժացումէն ետք՝ համանախագահները շարք մը յայտարարութիւններ պիտի կատարեն բարձր մակարդակով բանակցութիւններու ապահովման համար: