Կայացած է Հայաստանի Հանրապետության եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներու Նախապատրաստման եւ Կազմակերպման Պետական Յանձնաժողովի Նիստը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու նախապատրաստման եւ կազմակերպման պետական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որու ընթացքին քննարկուեցան կայանալիք ձեռնարկներու  նախագիծերը եւ հայեցակարգային մօտեցումները: Ինչպէս «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, նիստին ներկայացուած են նաեւ  տօնական միջոցառումներու վերաբերեալ տարբեր առաջարկութիւններ, քննարկուած են գերատեսչութիւններու կողմէ կատարուող աշխատանքները։

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը ըստ ոլորտային պատասխանատուներու տուած  է ձեռնարկներու  կազմակերպման ուղղութեամբ յանձնարարականներ՝ կարեւորելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու բարձր մակարդակով իրականացումը:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *