Պիտի Ստեղծենք Ժամանակակից, Շահութաբեր եւ Ճարտարարուեստական Գիւղատնտեսութիւն. ՀՀ Վարչապետ

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ՝ կառավարութիւնը գումարած է խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին՝ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը հողատէր-տնտեսութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայացուցած է գիւղական ոլորտի զարգացման ծրագիրները` տարբեր ուղղութիւններով: ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ իր ելոյթին ընթացքին՝ վարչապետը նշած է, որ կառավարութեան գլխաւոր նպատակը գիւղատնտեսութեան մէջ արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է: 

«Մեր մարզային այցելութիւններուն եւ իրականացուցած հետազօտութիւններուն հիման վրայ կարեւոր համարած ենք հետեւեալ ուղղութիւնները` հողային եւ կլիմայական պայմաններէն մեկնելով` ծախսերու նուազեցումը, աղէտներու դէմ պայքարի աւելի արդիւնաւէտ համակարգի ստեղծումը, ջրային աղբիւրներու արդիւնաւէտ կառավարման համար նոր համալիր լուծումներու մշակումը, ժամանակակից ճարտարագիտութիւններու առաւելագոյն կիրառումը գիւղատնտեսութեան մէջ, կիրառական խորհրդատուական համակարգի ձեւաւորումը, որուն միջոցով հնարաւոր պիտի ըլլայ յստակ պատկերացում կազմել, թէ որ տարածքին մէջ ինչ պէտք է արտադրուի, եւ այդ համակարգին միջոցով պիտի օժանդակենք նաեւ համապատասխան մասնագէտներու վերապատրաստման»,- ըսած է Կարէն Կարապետեան` կարեւոր համարելով խորհրդատուական ծառայութիւններու մատուցումը գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ: 

Կառավարութեան ղեկավարին խօսքով` այս բոլորին իբրեւ արդիւնք մենք պիտի ունենանք շահութաբեր եւ կայուն զարգացող գիւղատնտեսութիւն, որ իր հերթին, պիտի բերէ պարէնային անվտանգութեան բարձրացում, ներկրուող շարք մը գիւղամթերքներու տեղական արտադրութեամբ փոխարինում, հանրապետութենէն ապրանքներու քանակի եւ տեսականիի արտահանման աճ, որ պիտի յանգեցնէ յաւելեալ աշխատատեղերու ստեղծման: 

«Ինչպէ՞ս պէտք է հասնինք ասոր:

– Նախադրեալներ պիտի ստեղծենք նոր այգիներ հիմնելու համար, որուն շնորհիւ պիտի ունենանք երաշխաւորուած արտադրանք, ինչպէս նաեւ պիտի կայանան փոքր, միջին եւ խոշոր հողային տնտեսութիւններ: Պետութեան կողմէ այստեղ պիտի ըլլայ վարկի ժամանակաւոր օգնութիւն եւ շահառուներուն պիտի տրամադրուին տարեկան 5 տոկոս տոկոսադրոյքով վարկեր, մինչեւ 7 տարի մարման ժամկէտով,

– անցում պիտի կատարենք կաթիլային նոր համակարգերուն, որոնց ներդրման համար մշակուած է պետական աջակցութեան ծրագիր, համաձայն որուն` հողօգտագործողներուն պիտի տրամադրուին վարկեր` տարեկան 2 տոկոս տոկոսադրոյքով եւ 3 տարի մարման ժամկէտով,

– լիզինկային պետական աջակցութեան ծրագjրով պիտի ապահովենք գիւղատնտեսական սարքերու նիւթական վարձակալութիւն: Այստեղ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռենք օգտուելու ծրագիրէն 20 տոկոս կանխավճար կատարելով, տարեկան 2 տոկոս լիզինկային տոկոսադրոյքով եւ 3-10 տարի մարման ժամկէտով` կախուած սարքի տեսակէն,

– ջերմոցային տնտեսութիւններու, ինչպէս նաեւ այս ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալողներու` պահածոներու, խմիչքներու եւ կաթնամթերքի արտադրութեամբ զբաղողներու համար սահմանած ենք կազի արտօնեալ սակ,

– մթերումներու դիմաց վճարումներու խնդիրը կարգաւորելու նպատակով արդէն իսկ մեկնարկած ենք մատչելի պայմաններով` տարեկան 3 տոկոս տոկոսադրոյքով, վերամշակող ընկերութիւններուն մթերման վարկերու տրամադրման ծրագիրը,

– ժամանակաւոր օգնութեամբ վարկերու տոկոսադրոյքները գիւղացիական տնտեսութիւններու համար պիտի դարձնենք առաւել մատչելի, իսկ ժամանակաւոր օգնութեան գումարները պիտի աւելցնենք` հնարաւորութիւն ընձեռելով անոնց նիւթական կառոյցէն վարկը ստանալու տարեկան 5 տոկոս տոկոսադրոյքով, տրամադրուող գումարի շէմն ալ սահմանելով 3-10 միլիոն դրամ` նախկին մինչեւ 3 միլիոնի փոխարէն,

– գիւղատնտեսութիւնը պիտի ապահովագրենք բնական աղէտներէն, որուն համար մօտ ամիսներուն Արմաւիրի մարզին մէջ պիլոտային տարբերակով պիտի փորձարկուի հակակարկտային հրթիռային պաշտպանութեան նոր համակարգը, որ աստիճանաբար պիտի ընդգրկէ հանրապետութեան ողջ տարածքը,

– անասնապահութեան բնագաւառին մէջ պիտի աւելցնենք բարձր կաթնատուութեան եւ մսատուութեան տոհմային տեսակներու գլխաքանակը, պիտի ապահովենք անոնց բուժման խնդիրներուն լուծումը, ինչպէս նաեւ սպանդանոցներու միջոցով մորթելու կազմակերպումը,

– կը նախատեսենք տարբեր մարզերու մէջ ստեղծել սառնարանային տնտեսութիւններ` աւելցած թարմ բերքը սառնարանի մէջ պահպանելու համար,

– պիտի անցնինք բարձրարժէք բոյսերու մշակութեան,

– պիտի ընդլայնենք բնական միջոցներով աճող գիւղատնտեսութիւնը, մասնաւորապէս` սատարելով տեղական պարարտանիւթերու եւ անասնակերերու տեղական բնական միջոցներով աճող արտադրանքի ծաւալներու աւելնալուն,

– պիտի ապահովենք գործող խորհրդատուական համակարգի արդիւնաւէտութիւնը եւ հասցէական պիտի աշխատինք գիւղացիի, հողատիրոջ ու առհասարակ ոլորտով հետաքրքրուած ներդրողի իրազեկուածութեան բարձրացման ուղղութեամբ,

– պիտի բարելաւենք օրէնսդրական դաշտը»,- նշած է վարչապետը: 

Կարէն Կարապետեան վստահութիւն յայտնած է, որ գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացման միտուած կառավարութեան ընտրած ուղղութիւնը եւ գործիքակազմը ճիշդ ընտրուած է: «Այս ամէնը իրականացնելով` մենք ոչ միայն հասարակական խնդիր պիտի լուծենք, այլեւ պիտի ստեղծենք ժամանակակից, շահութաբեր, ճարտարարուեստական գիւղատնտեսութիւն», – ընդգծել է Կարէն Կարապետեանը: 

Այնուհետեւ, գիւղատնտեսութեան նախարարութեան առանձին ոլորտներու պատասխանատուները մանրամասն անդրադարձած են սպանդանոցներու կարողութիւններու զարգացման, գիւղատնտեսութեան ոլորտին տրամադրուող վարկերու տոկոսադրոյքներու մասնակի ժամանակաւոր օգնութեան, գիւղատնտեսութեան հումքի մթերումներու նպատակով հողամշակման ոլորտին տրամադրուող տոկոսադրոյքներու մասնակի ժամանակաւոր օգնութեան, գիւղատնտեսական սարքերու նիւթական վարձակալութեան` լիզինկի պետական աջակցութեան, կարկտապաշտպան ցանցերու, գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ կաթիլային համակարգի ներդրման, նորագոյն սարքերով յագեցած այգիներ հիմնելու պետական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն: 

Ներկայացուած ծրագիրներուն վերաբերեալ տեղի ունեցած է շահագրգիռ քննարկում, հողային տնտեսութիւններու ներկայացուցիչները ծրագիրներուն վերաբերեալ ներկայացուցած են տարբեր առաջարկներ, բարձրացուցած են զիրենք յուզող բազմաթիւ հարցեր, որոնց տրուած են համապարփակ պատասխաններ: 

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւոր համարած է գիւղացիական տնտեսութիւններու ներկայացուցիչներու, հողատէրերու հետ նման հանդիպումներու շարունակական իրականացումը` նշելով, որ վերջիններս պէտք է ըլլան ներկայացուած ծրագիրներուն աշխոյժ մասնակիցները: 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *