Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն ծիրէն ներս՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ, Սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն: «Արմենփրես»-ի տեղեկութիւններով` Հայաստանի մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան դեսպանութեան նոր շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան ծիրէն ներս՝ լրագրողներու հարցերուն ի պատասխան` այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
«Օրակարգի վրայ պիտի ըլլան այն հարցերը, որոնց մասին բազմիցս ըսած ենք. ստեղծել համապատասխան պայմաններ՝ բանակցային գործընթացը առաջ տանելու համար, այսինքն` այն, ինչ որ եղած է եւ ինչի շուրջ որ մենք կը բանակցինք: Բանակցութիւններուն միշտ ալ պէտք է տրամադրուած ըլլալ, վարել զանոնք, որովհետեւ այլընտրանք չկայ»,- ըսած է Էդուարդ Նալպանտեան` աւելցնելով, որ նախագահներու հանդիպման վերաբերեալ յստակ ոչինչ կայ: