Հայաստանն ու Ռուսիան Քննարկած են Ադամանդագործութեան եւ Ոսկերչութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Ընդլայնման Հնարաւորութիւնները

Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարդան Տողանեան, Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի խորհրդական Գագիկ Մկրտչեան եւ ՌԴ-ի մէջ ՀՀ առեւտրական ներկայացուցիչ Կարէն Ասոյեան Մոսկուայի մէջ հանդիպած են ՌԴ ելեւմտական նախարարի տեղակալ Ալեքսէյ Մոիսէեւի հետ` քննարկելու ոսկերչութեան եւ ադամանդագործութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ադամանդի հումքի մատակարարումներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրը` ինչպէ՛ս «Ալռոսա»-էն, այնպէ՛ս ալ «գոխրան»-էն: Հայկական պատուիրակութեան անդամները ՌԴ ելեւմտական փոխնախարարի ղեկավարած խումբին հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձած են նաեւ պետական յարգադրոշման եւ յարգորոշման փոխադարձ ճանաչման հարցերուն:

Կողմերը քննարկած են խնդիրներու լուծման նորարական մօտեցումներուն եւ նոր կառուցակազմերուն կիրառումը: Անոնք համաձայնած են հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ անցնիլ գործնական քայլերու:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի խորհրդական Գագիկ Մկրտչեանի խօսքով` այդ համաձայնութիւններուն իրականացումը պիտի ապահովէ ոլորտի աճին շարունակականութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *