Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Օգոստոս 8-12 երկարող ժամանակահատուածին, կ’ակնկալուի բարձր ջերմաստիճան:
ՀՀ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Երեւանի, Արարատեան դաշտի եւ Սիւնիքի հովիտներուն մէջ ցերեկը կը կանխատեսուի 40…41 աստիճան, առանձին հատուածներու մէջ 42 աստիճան տաքութիւն եւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ:
Օդի միջին օրական ջերմաստիճանը, այդ օրերուն, բնականէն բարձր պիտի ըլլայ 5-7 աստիճանով: Անդրմանիշակագոյն ճառագայթման ուժգնութիւնը, Օգոստոս 8-ին, կը կանխատեսուի 6, որուն ընթացքին խորհուրդ կը տրուի ժամը 11:00-17:00 երկարող ժամանակահատուածին խուսափելու արեգակի ուղիղ ճառագայթներէն: Երկարատեւ ֆիզիքական աշխատանքը, արեւու ուղիղ ճառագայթներուն տակ, կրնայ յառաջացնել արեւահարութիւն: