Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Հասան Ռոհանիի երդման պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու նպատակով աշխատանքային այցով Թեհրան գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանը երէկ հանդիպում ունեցած է նախագահ Ռոհանիին հետ:
Այս մասին յայտնած են ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան կապերու վարչութենէն։
Հանդիպման սկիզբը Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հրաւէրը ընդունելու եւ երդման արարողութեան մասնակցելու համար` ընդգծելով որ Իրանը բարձր կը գնահատէ իր երդմնակալութեան արարողութեան Հայաստանի նախագահին ներկայ գտնուելու հանգամանքը: Հասան Ռոհանին յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահի այցը նոր խթան կը հանդիսանայ երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման ու զարգացման` հաշուի առնելով նաեւ հայ-իրանական պատմամշակութային ընդհանրութիւնները: