ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան` ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Յուլիս 20-22 -ին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերը ռմբակոծելու հարցին գծով՝ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի ներկայացուցիչին հետ:
Արման Թաթոյեան մտահոգութիւն յայտնած է, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը կը թիրախաւորեն յատկապէս քաղաքացիները եւ անոնց գոյքը, կը ռմբակոծեն գիւղերու դպրոցները, մանկապարտէզները, բնակելի տուները, յատկապէս` օրուան այն ժամերուն, երբ աւելի մեծ է խաղաղ բնակիչներու կեանքին եւ առողջութեան վնաս պատճառելու հաւանականութիւնը: Պաշտպանը նշած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հրապարակայնօրէն դատապարտէ քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ թիրախային գնդակոծութիւնները:
Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւ Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի գրասենեակի համաձայնութեան՝ վերջին օրերուն Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի, Բարեկամաւան գիւղերու գնդակոծութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերեալ տուեալները յատուկ սկզբունքով պիտի ամփոփուին եւ ներկայացուին յանձնակատարին: