Իրանի Մէջ` Հայկական Ֆիլմերու Շաբաթ

Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ իրանեան «Art and experience» մշակութային կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կ’ընթանայ  հայկական ֆիլմերու շաբաթ։ «Ալիք» օրաթերթի թղթակից Կ. Դաւթեան կը յայտնէ, թէ Յուլիս 19-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին՝ այս մասին տեղեկացուցած է Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան:

Դեսպան Թումանեան յայտնած է, որ Իրանի մէջ հայկական ֆիլմերու շաբթուան մեկնարկը սկսած է Յուլիս 23-ին, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 29:

Շաբթուան ընթացքին պիտի ցուցադրուի 10 ֆիլմ, որոնց ընտրութիւնը կատարուած է կազմակերպիչ կողմերուն միջոցաւ: Ֆիլմերը պիտի ցուցադրուին Թեհրանի, Մաշհատի եւ Շիրազի մէջ:

Ֆիլմերու ցուցադրութեանց զուգահեռ Իրան ժամանած հայաստանցի երկու ֆիլմարուեստի մասնագէտներ վարպետութեան դասեր պիտի տան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *