Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպեցաւ Սփիւռքահայ Ուսուցիչներուն Հետ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրին մասնակից սփիւռքահայ ուսուցիչները` ուղեկցութեամբ Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի տնօրէն փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեանի: Այս մասին  կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Հանդիպման տիար Ռուբէն Միրզախանեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց ծրագիրին 16 երկիրներէ մասնակցող ուսուցիչները` տեղեկացնելով, որ Սփիւռքի ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնը արդէն 18-րդ անգամ  կ’իրականացուի` այս տարի` Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին կողմէ: Տնօրէնը անդրադարձ կատարեց նաեւ կրթութեան եւ Սփիւռքի կրթական խնդիրներուն հանդէպ Մայր Աթոռի կողմէ ցուցաբերուող ուշադրութեան` հայցելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը մանկավարժներուն եւ անոնց սրբազան առաքելութեան:

Այնուհետեւ սփիւռքահայ ուսուցիչները ողջունեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Վեհափառ Հայրապետը, ուրախութիւն յայտնելով հանդիպման առիթով, իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչներուն այն յանձնառութեան համար, որով, կարեւոր համարելով իրենց աշխատանքը, ամէն տարի կու գան Հայաստան վերապատրաստուելու:

Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց հայրենիքի եւ ազգային կառոյցներուն կողմէ հայցեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին ընծայուող ուշադրութիւնը` ընդգծելով, որ դպրոցը ազգի ինքնութեան պահպանման ամենակարեւոր կառոյցներէն է: Այս կապակցութեամբ Հայոց Հայրապետն իր գնահատանքը յայտնեց ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, ուսումնական կառոյցներուն եւ մանկավարժներուն, որոնք, հասու ըլլալով Սփիւռքի մէջ ուսուցիչներու կարեւոր առաքելութեան հայ մանուկներու կրթութեան ու դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ հայ ինքութեան պահպանութեան գործին մէջ, պատասխանատուութեամբ  եւ նախանձախնդրութեամբ կ’իրականացնեն սփիւռքահայ մանկավարժներու վերապատրաստման ծրագիրը:

Կարեւոր համարելով հայ դպրոցի առաքելութիւնը ազգային կեանքին մէջ` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւով նշեց, որ Սփիւռքի մէջ այսօր նահանջ կ’ապրի հայեցի կրթութիւնը: Գարեգին Բ. Հայրապետն ընդգծեց, որ հայ դպրոցի միջոցով  կը փոխանցուի ազգային ոգին, այնտեղ կը կերտուի հայորդին եւ ձեռք կը բերէ ազգային սրբազան արժէքներու, պատմութեան ու հայոց մեծերու ճանաչողութիւնը, գիտելիքներ, որոնք կը նպաստեն ազգային ինքութեան ու գիտակցութեան զօրացման` այդպիսով երաշխաւորելով նաեւ յետագայ ներգրաւումը ազգային կեանքէն ներս:

Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց, որ հովուապետական իր տարբեր այցերու ընթացքին թեմակալ առաջնորդներու եւ հոգեւոր դասի հետ քննարկած է մտահոգիչ այս խնդիրը` շեշտելով եկեղեցիներու կողքին հայ դպրոց ունենալու անհրաժեշտութիւնը` անվտանգ պահելու հայ ինքնութիւնը: Այս առնչութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարի Մայր Աթոռի մէջ եւս պիտի սկսի իրականացուիլ նմանօրինակ վերապատրաստման ծրագիր` զօրակցելու  Սփիւռքի մէջ ազգային կրթական հաստատութիւններու եւ Հայոց Եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ գործող դպրոցներու մանկավարժներուն:

Աւարտին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պատգամեց ուսուցիչներուն կենսագործել դարերու խորքէն փոխանցուած աւանդները եւ կոչման բարձր գիտակցութեամբ շարունակել իրենց ծառայութիւնը ազգին, մաղթելով որ Աստուած օրհնէ, զօրացնէ եւ արդիւնաւոր դարձնէ անոնց ջանքերը:

Հանդիպման ներկայ Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ․ Վարդան եպիսկոպոս Նաւասարդեան իր հերթին ուսուցիչներուն ներկայացուց կրթական ոլորտին մէջ կեդրոնին կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Սրբազանը մասնաւորապէս անդրադարձաւ հանրակրթական ոլորտին մէջ ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Մայր Աթոռի միջեւ սերտ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի հովանիի ներքոյ գործող երկու դպրոցներուն, մանկապարտէզին եւ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի գործունէութեան: Վարդան եպիսկոպոս նաեւ տեղեկացուց Հայաստանի 140 կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու շարունակական վերապատրաստման եւ ի զօրակցութիւն Սփիւռքի թեմերու կիրակնօրեաներու նախանշուող ծրագիրներուն մասին: Ուսուցիչներուն հանգամանօրէն ներկայացուեցաւ Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄ ութ հայորդաց տուներու օգտաշատ կրթա-դաստիարակչական առաքելութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *