Գինիի Տօն, «Տնջրէ», Էյրֆէսթ. Արցախը Զարկ Կու Տայ Ձեռնարկներու Զբօսաշրջութեան Զարգացման

*ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆ*

Արցախը կը տարբերակէ զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները եւ զարկ կու տայ ձեռնարկներու զբօսաշրջութեան զարգացման:

Այս մասին ըսած է արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրի կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանը:

«Հարցը պէտք է երկու հարթութեան վրայ դիտարկել իմ կարծիքով: Առաջին հերթին հարկ է ընդգծել, որ հարուստ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդներու կեանքին մէջ, ամէն պարագայի, հետաքրքրական իրադարձութիւններ ու ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան: Երկրորդ հարցը կը կայանայ անոր մէջ, թէ արդեօք հնարաւոր է այդ իրադարձութիւնները իբրեւ զբօսաշրջային արդիւնք ներկայացնել եւ ինչքանով անոնք հետաքրքրական պիտի ըլլան զբօսաշրջիկներու համար: Այսօր կրնանք ըսել, որ Արցախի մէջ կը նկատուի իրադարձային զբօսաշրջութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան աճ, առաւել եւս, որ կայ նպատակ` այդ ուղղութիւնը աւելի կազմակերպուած ներկայացնելու»,- ըսած է Արտակ Գրիգորեանը:

Այս տարուան ընթացքին արդէն քանի մը խոշոր զբօսաշրջային ձեռնարկներ իրականացուած են: Զբօսաշրջային եղանակին սկիզբը Արցախի մէջ կը համընկնի երկրի մէջ մայիսեան տօներու մեկնարկին հետ, որոնց ընթացքին տարբեր համերգներ, ցուցահանդէսներ ու մշակութային այլ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին: Անոնց մասնակից կ’ըլլան նաեւ զբօսաշրջիկներ Հայաստանէն ու արտերկրէն:

Անկէ անկախ, վերջերս Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ կազմակերպուած «Արցախէյրֆէսթ» օդային փառատօնը եւս աշխուժութիւն մտցուցած է Արցախի մշակութային օրացոյցին մէջ, եւ ծրագիրին հանդէպ հետաքրքրութիւնը կը յուշէ, որ նշուած փառատօնը ամենամեայ կոչուելու մեծ հաւանականութիւն ունի: Յստակ ձեռնարկներու համար զբօսաշրջիկներու հոսքը անշուշտ որ առկայ է, բայց քանի որ իրադարձային զբօսաշրջութիւնը Արցախի մէջ համեմատաբար նոր երեւոյթ է, ըստ Արտակ Գրիգորեանի, դեռ ցանկալի հոսքի մասին վաղ է խօսիլ:

Առաջիկայում եւս մի քանի նման միջոցառումներ են նախատեսուած:

Արցախեան գինիի փառատօն

Սեպտեմբեր ամսուան 3-րդ Շաբաթ օրը Արցախի Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ կ’իրականացուի «Արցախեան գինի»-ի ամենամեայ փառատօնը, ուր կը ներկայացուին Արցախեան գինեգործներու արտադրանքը: Փառատօնի բաղադրիչ մաս կազմող մշակութային ծրագիրը կը ներառէ երաժշտական համերգ, ազգագրական պարեր ու խաղեր, ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, խաղարկութիւն եւ աճուրդ: Բացի գինիի տօնավաճառէն, Տող գիւղի եւ մօտակայ համայնքներու բնակիչներու մասնակցութեամբ կը կազմակերպուի նաեւ Արցախեան բարիքներու տօնավաճառ:

Անկախութեան Օր

Անկախութեան օրը (Սեպտեմբեր 2) կը համարուի առաւել հանդիսաւոր տօներէն մէկը: Տօնական ձեռնարկներ կ’իրականացուին երկրի ողջ տարածքին: Ամէն տարի Սեպտեմբեր        2-ին Վերածնունդի հրապարակին տեղի կ’ունենան կալա-համերգներ, որոնց կը մասնակցին տեղական երգիչներ եւ հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն: Տօնը կ’աւարտի հրավառութեամբ:

«Տնջրէ» Միջազգային Դասական Երաժշտական Փառատօն

«Տնջրէ» միջազգային դասական երաժշտական փառատօնը ամրան ընթացքին կը մէկտեղէ յայտնի եւ երիտասարդ երաժիշտներ Արցախէն եւ ամբողջ աշխարհէն: Փառատօնին ընթացքին, յայտնի երաժիշտներ Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Ֆինլանտայէն, Հոլանտայէն եւ այլ երկիրներէ կը կազմակերպեն վարպետութեան դասեր` դաշնամուրի, ջութակի եւ քլարինեթի Արցախի բնակիչներուն եւ հիւրերու համար: Համերգները կ’իրականացուին մայրաքաղաքի եւ մարզային կեդրոններու մէջ, փառատօնին ընթացքին:

Բերքի Տօնավաճառ

Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Կիրակի օրը կը նշուի իբրեւ Գիւղատնտեսութեան օր: Ամէն տարի բերքի փառատօն կը կազմակերպուի նոյն օրը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ: Աւելի քան 200 վաճառողներ, Արցախի բոլոր շրջաններէն, կը ներկայացնեն իրենց արտադրանքը՝ տօնավաճառ այցելող հազարաւոր յաճախորդներուն:

«Արցախի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուող փառատօններու եւ նման այլ ձեռնարկներու մասին իրազեկութեան մակարդակի բարձրացման նպատակով  կը տարուին շուկայագիտութեան աշխատանքներ, որոնց ծիրէն ներս աշխատանք կը տարուի թէ՛ լրատուադաշտի, թէ՛ զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ: Մասնաւորապէս զբօսաշրջային ընկերութիւնները՝ տարուան սկիզբը՝ արդէն տեղեկացուած կ’ըլլան Արցախի մէջ տեղի ունեցող խոշոր ձեռնարկներու մասին: Օրինակ` Արցախեան Գինիի փառատօնը, որ ամէնամեայ ձեռնարկ է եւ ունի յստակ ժամկէտ` Սեպտեմբերի 3-րդ Շաբաթ օրը, արդէն զբօսաշրջային ընկերութիւններու օրացոյցին մէջ է»,- ըսած է Արտակ Գրիգորեանը:

Ներքին զբօսաշրջութեան համար եւս առկայ են բոլոր պայմանները, սակայն անոնք ոչ թէ զբօսաշրջական ճամբորդութիւններ են, այլ աւելի շատ` պտոյտներ, հաշուի առնելով Արցախի տարածքին չափերը եւ բնակիչներու` այցելութեան վայրին մէջ հազուադէպ գիշերակացի կազմակերպման հանգամանքը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *