Նախագահի Ընտրութիւնը Սահմանադրութեան Կեանքի Կոչումն է. Արցախի ՄԻՊ

Արցախի նախագահական ընտրութիւնը առաջին քայլն է պետական իշխանութեան նոր չափանիշներու ձեւաւորման ճանապարհին, կը կարծէ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանը:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, Sputnik Արմէնիային ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:

Նախագահի ընտրութիւնը պիտի իրականացուի Ստեփանակերտի մէջ այսօր` Յուլիս 19–ին: Հրաւիրուած է Խորհրդարանի յատուկ նիստ, որուն ընթացքին, առաջին հերթին, պիտի ներկայացուին թեկնածուները, յետոյ պիտի սկսին ընտրութիւնները: Օրուան աւարտին յայտնի պիտի դառնայ Արցախի նախագահին անունը: Նորընտիր նախագահը պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ 2022:

«Ատիկա առաջին գործընթացն է, որ 2017 թուականին ընդունուած Սահմանադրութեան արդիւնքը դարձաւ: Այդ քայլը Սահմանադրութեան իրագործումն է, ոչ աւելին»,– ըսած է Մելիքեանը:

Անոր խօսքով` Արցախի համար նախագահի ընտրութիւնը կարեւորագոյն իրադարձութիւն է, քանի որ ատիկա պետական կառավարման նոր չափանիշներու ձեւաւորման ճանապարհին առաջին քայլն է:

Ինչ կը վերաբերի ժամանակաւոր նախագահի ընտրութեան ո՛չ թէ համընդհանուր քուէարկութեամբ, այլ՝ Խորհրդարանի նիստով, անոր կարծիքով` այդտեղ ոչ մէկ զարմանալի բան կայ:

«Այդ քայլը ընտրած է նոյն ժողովուրդը 2017 թուականի Փետրուարին` մասնակցելով հանրաքուէին»,– նշած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:

Արցախի նախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած է երկու թեկնածու. Արցախի ներկայ նախագահ Բակօ Սահակեան եւ «Շարժում – 88» Արցախի ԱԺ խմբակցութեան ղեկավար Էդուարդ Աղաբեկեան:

2017-ին ընդունուած Սահմանադրութեամբ Արցախը անցած է պետական կառավարման նախագահական համակարգի, այսուհետեւ պետութեան գլխուն կանգնած է նախագահը: Ան կ’ընտրուի ժողովուրդին կողմէ` ուղղակի ընտրութիւններու միջոցով, 5 տարի ժամկէտով: Նոյն անձը չի կրնար աւելի քան երկու անգամ անընդմէջ ընտրուիլ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին: Համաձայն գործող օրէնսդրութեան` ԱՀ նախագահը կը հանդիսանայ գործադիր իշխանութեան ղեկավար եւ զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար: Ան կը նշանակէ վարչապետը եւ կը հաստատէ կառավարութեան կազմը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *