Հայրենի Որեւէ Տեղ Չենք Խօսած Զիջումներու Մասին. Նախագահը` Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորման Մասին

«Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմէն ետք մեր սկզբունքային դիրքորոշումներուն մէջ որեւէ նոր մօտեցում չկայ»,-«Արմենիա» հեռուստաընկերութեան «Ռ-էւոլիւցիա» հաղորդման ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«Դիրքորոշումներու մէջ փոփոխութիւն` գոնէ հայկական դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւն, ես չեմ ենթադրեր: Ինչ կը վերաբերի զիջումներուն, վերջին 20 տարիներու ընթացքին մենք որեւէ կերպ, որեւէ տեղ, որեւէ ձեւով չենք խօսած զիջումներու մասին: Մենք միշտ խօսած ենք եւ հիմա ալ կը շարունակենք խօսիլ խնդրի լուծման փոխզիջումային տարբերակի մասին: Ասոնք տարբեր բաներ են: Եւ ես վստահ եմ, որ եթէ այս խնդիրը 20 տարի ալ լուծում չստանայ, հայկական կողմի մօտ երբեք ցանկութիւն չ՛ըլլար զիջումներու միջոցով իրավիճակը թեթեւցնելու, որովհետեւ սա կործանարար ճանապարհ է եւ  երբեք խնդիրները չի կրնար լուծել»,-«Փանորամա»-ի փոխանցմամբ՝ աւելցուցած է նախագահը:

Խօսելով հայկական դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւններ չըլլալու պատճառներուն մասին` Հայաստանի նախագահը քանի մը սկզբունք առանձնացուցած է:

 «Ակնյայտ է հայկական կողմի ցանկութիւնը, հայկական կողմի նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ինքնորոշման` ի վերուստ տրուած իրաւունքն է, միջազգային կառոյցներու կանոնադրութեամբ նախատեսուած իրաւունքն է, միջազգային իրաւունքի կողմէ ընդունուած սկզբունքն է, եւ անիկա պէտք է իւրացուի: Սա մէկ կարեւորագոյն կէտ: Երկրորդ կէտը․ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ ցամաքային սահման Հայաստանի Հանարպետութեան հետ: Եւ երրորդ սկզբունքային դիրքորշումը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ անվտանգութեան յուսալի երաշխիքներ: Եւ այս 20 տարիներու ընթացքին մենք խօսած ենք միայն այս խնդիրներու շուրջ»,-ըսած է Սարգսեան:

Նախագահը շեշտած է, որ Ղարաբաղի մասնակցութիւնը պարտադիր է արդէն իսկ սկզբունքներու շուրջ ձեւաւորուող փաստաթուղթին համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *