Բաւարար Սպառազինութիւն Ունինք, Որպէսզի Չէզոքացնենք Ղարաբաղին կամ Հայաստանին Սպառնացող Վտանգը. Սերժ Սարգսեան

Հայաստանի զինուած ուժերը ունին բաւարար քանակի զինատեսակներ եւ զինամթերք, որ պարբերաբար կը թարմացուի։ Այս մասին «Արմենիա» հեռատեսիլի ընկերութեան                        «ռէւոլիւցիա» հաղորդման ընթացքին ըսած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«Մեր զինուած ուժերու սպառազինութիւնը պարբերաբար կը թարմացուի: Մենք լուրջ սպառազինութիւններ ապահոված էինք ինչպէս մինչեւ ապրիլեան քառօրեան, այնպէս ալ` անկէ ետք: Այլ խնդիր է, որ որեւէ ռազմական գործողութիւն` ըլլայ մէկօրեայ, մէկ տարուայ, հինգ տարուայ, ատիկա դաս է, որ պէտք է սերտես եւ հետեւութիւններ ընես: Որովհետեւ նոյն ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ է, որ կը դրսեւորուի, թէ հակառակորդդ ինչ կ’օգտագործէ եւ ինչ ձեւով կ’օգտագործէ, եւ փորձես գտնել անոր հակաթոյնը»,- խօսելով ապրիլեան պատերազմէն ետք բանակի համալրումներուն մասին, յայտարարած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Անդրադառնալով 80-ականներու զէնք ունենալու մասին իր յայտարարութեան, որ տարատեսակ շահարկումներու առիթ դարձաւ քաղաքագիտական շրջանակներու կողմէ, ՀՀ նախագահը ըսած է. «Իրենց քաղաքագէտ կոչողները պէտք է շատ լաւ հասկնան, թէ խօսքը ո՞ր լսարանի մէջ կը հնչէր եւ ի՞նչ նպատակով: Ասիկա մէկ: Եւ երկրորդ` այո, այն ժամանակ մենք չունէինք որոշ զինատեսակներ, որ Ազրպէյճանը հասցուցած էր ունենալ: Իսկ ինչ է` գաղտնի՞ք է արդեօք, որ Ազրպէյճանը մեզմէ հարուստ է, որ Ազրպէյճանը աւելի շատ միջոցներ կը ծախսէ զինատեսակներու վրայ եւ այլն: Գաղտնիք չէ: Եթէ որեւէ մէկը կրնայ ըսել, որ ինքը երկու տարիէն կամ հինգ տարիէն կրնայ Հայաստանը դարձնել աւելի հարուստ պետութիւն, քան Ազրպէյճանը, այդ մարդը պէտք է հեռու քշել քաղաքականութենէ: Որովհետեւ ատիկա «շառլաթանութիւն» է, ատիկա սուտ է: Ատոր համար շատ տեւական ժամանակ պէտք է: Մենք ե՛ւ այն ժամանակ, ե՛ւ այսօր ունինք բաւարար սպառազինութիւն, որպէսզի կարենանք մեր զօրքի մարտական ունակութիւններու օգտագործումով չէզոքացնել այն վտանգը, որ կը սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղին կամ Հայաստանի Հանրապետութեան»:

Նախագահը նշած է, որ պատերազմին միայն զէնքը չի յաղթեր: «Պատերազմի հիմնական գործող անձը զինուորն ու սպան են, զինուորն ու հրամանատարն են: Եւ այդ զինուորն ու հրամանատարը պէտք է ունենան ոչ թէ ամենաժամանակակիցը, որովհետեւ ատիկա անհնար է, որեւէ երկրի համար անհնար է, այլ բաւարար զինատեսակ եւ զինամթերք` խնդիրը լուծելու համար: Այսօր մեր զինուած ուժերը ունին բաւարար զինատեսակներ եւ բաւարար զինամթերք»,- աւելցուցած է Սերժ Սարգսեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *