«Արցախ Ֆրութ» Ընկերութեան Ամենացաւոտ Կողմը Աշխատուժի Պակասն է. Տնօրէն

«Արցախ ֆրութ» ընկերութիւնը ստեղծուած է 2008-ին, իսկ 2009-ին արտահանուած է առաջին արտադրանքը:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է «Արցախ ֆրութ» պտուղ-բանջարեղէնի մթերման ընկերութեան տնօրէն Արմէն Ծատրեանը` նշելով որ ընկերութեան ապրանքները մասնաւորապէս կ’արտահանեն Ռուսիոյ Դաշնութիւն, իսկ մէկ մասն ալ` Եւրոպա. այս տարի կ’ուզեն այլ երկիրներ եւս ընդգրկել:

«Գործարանը կ’արտադրէ շուրջ 52 տեսակ պահածոներ, թթուաշներ, անուշներ, միրգերու պահածոներ: Ունինք մասնաճիւղ նաեւ Հայաստանի մէջ: Գործարանի 70 տոկոս մթերքը Արցախէն կ’ապահովենք, մնացեալը` Հայաստանէն: Սակայն, ընկերութիւնը ունի նաեւ իւրացման խնդիր, ոչ թէ որովհետեւ ընկերութեան արտադրանքին որակը կը զիջի այլ ընկերութիւններու արտադրանքին, այլ կան աւելի համաշխարհային խնդիրներ. Կ’աշխատինք անոնց յաղթահարման գործընթացին վրայ: Կը ձգտինք նոր շուկաներ փնտռել. շատերու կողմէ արդէն համագործակցութեան առաջարկներ ստացած ենք։ Ընկերութեան մէջ կ’աշխատի 46 հոգի: Մեր ամենացաւոտ խնդիրի աշխատուժի պակասի հարցն է. 10-15 լաւ աշխատողներու պահանջարկ ունինք: 2 ամիս առաջ յայտարարութիւն տուած ենք Արցախի հանրային հեռատեսիլով, սակայն դեռ 1 հոգի արձագանգած է: Տարիքային սահմանափակութիւն մեր մօտ գրեթէ չկայ. կրնան աշխատիլ 18-60 տարեկան աղջիկներ եւ կանայք: Մեր աշխատողներուն միջին աշխատավարձը 80-100 հազար դրամ է: Կան մարդիկ որոնք աւելի շատ կը վաստակին. աշխատողներու աշխատավարձը գործավարձային է»,- ըսած է տնօրէնը:

Ա. Ծատրեանի տեղեկութիւններով` ընկերութիւնը յագեցած է բաւարար սարքերով, սակայն նոր տեսականի արտադրելու համար անհրաժեշտ է նաեւ այլ սարքերու: Խօսելով սեփական հումքի արտադրութեան մասին` ան կը կարծէ, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, որ արտադրողը զբաղի միայն արտադրութեամբ:

«Մեր ընկերութիւնը, մասնակցելով տարբեր ցուցահանդէս-վաճառքներու, ձեռք կը բերէ նաեւ նոր գործընկեր ու նոր շուկաներ: Համաշխարհային խնդիրներէն մէկն ալ այն է, որ ապրանքին մէկ մասը ձեռք կը բերենք ՀՀ-էն, որ նոյնպէս կ’ազդէ արտադրանքի գիներուն վրայ: Ցանկալի պիտի ըլլար, որ ամբողջութեամբ միայն տեղական հումքով աշխատէինք»,- ըսած է ան:

Ռաիսա Գասպարեանը, որ արդէն 8 տարի է, որ կ’աշխատի ընկերութեան մէջ, պատմած է.

«Մենք անուշներ կ’եփենք, թթուաշներ, միրգերու պահածոներ, այլ տեսակի պահածոներ կը պատրաստենք:

Եղանակի ամենաաշխատատար եւ ծանր ժամանակը Օգոստոսն է: Մենք դժգոհ չենք մեր աշխատավարձէն. որքան կ’աշխատինք, այնքան ալ կը վաստակինք: Ունենք ընդմիջման ժամեր»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *