Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն եւ տեսանիւթ, ուր յստակ կ՛երեւի Ալխանլու բնակավայրին կից տարածքին մէջ տեղակայուած հրանօթը:
«Ազրպէյճանական պաշտօնական քարոզչութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ սուտի եւ կեղծիքի վրայ հիմնուած իր քաղաքականութեան: Հերթական նման դրսեւորումը տեղի ունեցաւ Յուլիս 6-ին, երբ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ գլխաւոր դատախազութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ այդ երկրին մէջ հաւատարմագրուած ռազմական կցորդներու եւ օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու այցը Ալխանլու բնակավայր, ուր իբր թէ անոնց տրամադրուած են ազրպէյճանական կրակակէտերու եւ ռազմական շտապի բացակայութեան մասին «անհերքելի» ապացոյցներ:
Անհրաժեշտ կը համարենք յիշեցնել նաեւ, որ հակառակորդ երկրի` միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ ռազմական կցորդներուն մոլորեցնելու մարտավարութիւնը նոր երեւոյթ չէ: Դեռ 2016-ի ապրիլեան ռազմագործողութիւններէն ետք կազմակերպուեցաւ վերջիններուս այցը Ջոջուկ Մարջանլու բնակավայր, ուր անոնց ներկայացուեցաւ ազրպէյճանական «փառաhեղ» բանակի յաջողութիւնները, որոնց արդիւնքով «ազատագրուած է այդ բնակավայրը: Մինչդեռ Ջոջուկ Մարջանլուն ատրպէյճանական զինուժի վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր 1994-ի Յունուարէն ի վեր:
Կարեւոր կը համարենք եւս մէկ անգամ նշել, որ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը երբեք քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ կառոյցները չէ թիրախաւորած: Բայց երբ հակառակորդը, իր բնակչութիւնը օգտագործելով որպէս կենդանի վահան, խաղաղ բնակավայրերու մէջ տեղակայուած կրակակէտերէն կրակ կը բանայ արցախեան դիրքապահներու ուղղութեամբ, ապա այդ կրակակէտերը ինչպէս միշտ, այսուհետեւ եւս պիտի լռեցուին:
Եւ հաւատարիմ մնալով փաստերու լեզուով խօսելու մեր մարտավարութեան, ձեզի կը ներկայացնենք տեսանիւթ մը, ուր պարզ կ՛երեւի Ալխանլու բնակավայրին կից տարածքին մէջ տեղակայուած հրանօթը: Ասկէ բխող հետեւութիւնները կը թողնենք բանական մարդոց առողջ տրամաբանութեան:
Ինչպէս նաեւ, Յուլիս 7-ին` ժամը 09:00-էն սկսած հակառակորդը հարաւային ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, որոնց շարքին` Դ-44 հրանօթներէ ու հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետերէ:
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկել իրավիճակը»,-ըսուած է Արցախի ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ: