Ինչպէս արդէն հաղորդած ենք, այսօր առաւօտէն սկսած հակառակորդը արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ կը խախտէ հրադադարը` օգտագործելով ինչպէս հրաձգային զինատեսակներ, այնպէս ալ Դ-30 եւ Դ-44 տիպի հրանօթներ, տարբեր տրամաչափի ականանետեր ու նռնականետեր:
Ազրպէյճանական զինուժի արկակոծութեան հետեւանքով` տարբեր աստիճանի բեկորային վիրաւորումներ ստացած են Պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներ Ռոբերտ Նովրուզի Գասպարեանը (1969-ի ծնունդ), Համբարձում Կարապետի Յարութիւնեանը (1997-ի ծնունդ) եւ Վահէ Գագիկի Բադալեանը (1998-ի ծնունդ):
Հակառակորդին նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կ՛իրականացնեն պատասխան գործողութիւններ:
Առաջնային գիծի վրայ իրավիճակի ապակայունացման ուղղուած գործողութիւններու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: