ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Մարտունիի շրջանի արեւելեան հատուածի ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, սակայն ազրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս չէ բերած իր առաջապահ դիրքեր: