Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտնած է, որ «այս տարի նախարարութիւնը ձեռք բերած է այնքան ինքնաշարժ, որքան չէր յաջողած ձեռք բերել վերջին տասնամեակի ընթացքին»:
«Այս տարի մեծ ծրագիր իրականացուցած ենք բանակի ինքնաշարժները թարմացնելու ուղղութեամբ: Նոր մեքենաներով առաջնահերթ կը յագեցնենք առաջնագիծը սպասարկող զօրամասերը»,- եզրափակած է նախարարը:
Անդրադառնալով վերջերս վթարի ենթարկուած Պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակայ մեքենայի վիճակին ու ուղեւորներու թոյլատրելի քանակինˋ նախարարը նկատել տուած է, որ անիկա «եղած է շահագործման ժամկէտի մէջ, իսկ թոյլատրելի 20 ուղեւորի փոխարէն մեքենայի մէջ եղած է 18 զինծառայող, որոնց վիճակը բժիշկները այժմ բաւարար կը գնահատեն», կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը: