Յունիս 21-ի լոյս 22-ի գիշերը ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու կողմէ հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ ձեռնարկուած է ներթափանցման փորձ:
Ըստ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան, Պաշտպանութեան բանակի մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ստորաբաժանումները, շնորհիւ մարտավարական բարձր պատրաստուածութեան, դիրքային համակարգերու կահաւորուածութեան եւ յատուկ սարքերու, ժամանակին նկատած են ներթափանցող խումբին յառաջխաղացումը եւ թշնամիին պատճառելով առնուազն 4 զոհ` ետ շպրտած են զանոնք իրենց դիրքերը: Ազրպէյճանական կողմը հայկական դիրքերուն մօտ թողած է յատուկ գրոհայիններու անձնական պարագաներ:
Ներթափանցման փորձը կանխելու ընթացքին, պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած: Առաջնագիծին վրայ իրավիճակը կը մնայ արցախեան զինուժի լիակատար վերահսկողութեան ներքոյ: