Հայաստան կ’ակնկալէ Եւրոպական Միութեան անդամ-պետութիւններու «յստակ աջակցութիւնը» մուտքի արտօնագրի ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի հարցով, ըստ Մեդիամաքսի, ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` Յունիս 19-ին Լիւքսեմպուրկի իր ելոյթին մէջ Արեւելեան գործընկերութեան նախարարական հանդիպման ժամանակ:
«Համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ մենք կրցանք աւարտել Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները: Բնագիրը նախաստորագրուած է, եւ կ’ակնկալենք զայն ստորագրել գալիք գագաթնաժողովի ընթացքին:
«Գրեթէ զուգահեռաբար քննարկեցինք եւ համաձայնութեան եկանք 2017-2020-ի գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու շուրջ: Այս երկու կարեւոր փաստաթուղթերը պիտի առաջնորդեն Հայաստան-ԵՄ գործընկերութիւնը յառաջիկայ տարիներուն եւ պիտի օգնեն մեզի ամրապնդելու մեր փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը»,- ըսած է նախարարը: