«Համաշխարհային Նորարարութեան Ցուցակ-2017»-ին Մէջ Հայաստանը Կը Գրաւէ 59-րդ Տեղը

Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (WIPO) հրապարակած է «Համաշխարհային նորարարութիւններու ցուցակ-2017»-ը (Global Innovation Index), ուր Հայաստանը 127 երկիրներու մէջ կը գրաւէ 59-րդ տեղը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ ցուցակին մէջ Հայաստանը ցած եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներու խումբին մէջ ամենաարդիւնաւէտ 20 երկիրներու շարքին է:

Բացի այդ, մեր երկիրը Սլովենիոյ, Պահրէյնի, Լիւքսեմպուրկի ու Պելճիքայի հետ գիւղատնտեսական աշխատանքի արդիւնաւէտութեան աճ ունեցող լաւագոյն հինգ երկիրներէն է:

Հայաստանի հարեւաններ Վրաստանը 68-րդ, Իրանը` 75-րդ, Ազրպէյճանը` 82-րդ եւ Թուրքիան` 43-րդ տեղերը կը գրաւեն:

Ցուցակը կը գլխաւորեն Զուիցերիան, Շուէտը եւ Հոլանտան: Այս երկիրներուն կը յաջորդեն Միացեալ Նահանգները, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Դանիան, Սինգափուրը, Ֆինլանտիան, Գերմանիան եւ Իռլանտան:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *