Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունիս 15-ին, ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը՝ խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոյեանի գլխաւորութեամբ:
Նախագահ Սահակեան շնորհաւորած է Արա Բաբլոյեանը եւ պատուիրակութեան անդամները Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուելու եւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելուն առիթով՝ մաղթելով անոնց արդիւնաւէտ աշխատանք:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններու խորհրդարաններու փոխգործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Երկրի ղեկավարը համոզմունք յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովը պիտի շարունակէ ընդլայնել ու խորացնել Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հետ արդէն իսկ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը: