ՀՀ ՊՆ Պատուիրակութիւնը կը Մասնակցի Միջազգային Անվտանգութեան Մոսկովեան Համաժողովին

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ապրիլ 26-ին մեկնած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն` մասնակցելու Միջազգային անվտանգութեան մոսկովեան 6-րդ համաժողովին: ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով, աւանդական դարձած համաժողովի այս տարուան քննարկումներուն առանցքը կը կազմեն համաշխարհային եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս` միջազգային ահաբեկչութիւնը եւ լարուածութեան աճը Քորէական թերակղզիին վրայ: Կը քննարկուին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծայրահեղականութեան եւ ահաբեկչութեան աճը, տեղեկատուական անվտանգութեան հիմնախնդիրները եւ այլն:

Համաժողովի աշխատանքներուն ծիրէն ներս՝ Վիգէն Սարգսեան երկկողմ հանդիպումներ ունեցած է արտերկրի իր գործընկերներուն հետ: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը մասնաւորապէս հանդիպած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցման նախարար Հոսէյն Տեհղանիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր: Անդրադարձ եղած է նաեւ արցախեան հակամարտութեան: Հայաստանի եւ Իրանի պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները մէկ անգամ եւս ընդգծած են, որ խնդիրը ռազմական լուծում չունի:

Նոյն օրը կայացած է նաեւ Վիգէն Սարգսեանի հանդիպումը Սերպիոյ պաշտպանութեան նախարար Զորան Ճորճեւիչի հետ: Ընդգծելով հայ եւ սերպ ժողովուրդներուն ընդհանրութիւնները, կողմերը համոզմունք յայտնած են, որ այս հանդիպումը հրաշալի նախադրեալ է հայ-սերպական յարաբերութիւններու խորացման համար: Մասնաւորապէս, նշուած է, որ համագործակցութեան մեծ ներուժ կայ ռազմական սարքերու, գիտահետազօտական, ռազմաբժշկական, ռազմակրթական եւ այլ ուղղութիւններով: Իբրեւ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան օրինակ՝ նշուած է միասնական գործունէութիւնը խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ: Հայաստանի եւ Սերպիոյ պաշտպանութեան նախարարները համաձայնած են աշխուժացնել կապերը` առաւել առարկայական դարձնելով քննարկումները երկկողմ փոխգործակցութեան խնդիրներուն շուրջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *