Հայաստանի Բարձրաստիճան Այրերը Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ․ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ պետական բարձրաստիճան այրերը Ապրիլ 24ին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Անոնք ծաղիկներ խոնարհեցին Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ:

Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին։

2

 

Արարողութենէն ետք անոնք այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ` դիտեցին ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Եղեռնէն դէպի անկախութեան վերականգնում» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացառիկ ցուցանմուշներն ու Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցման 50-ամեակին նուիրուած ցուցադրութեան օրինակները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *