Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին ընդառաջ` Ապրիլ 23-ին, ժամը 17:00-ին, Կոմիտաս թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հազար ու մի խաղ» յուշ-երեկոն: Այս մասին կը յայտնէ Թանգարան-հիմնարկի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Հանդիպման ընթացքին մասնակիցները պիտի ծանօթանան եւ երգեն տարբեր բանահաւաքներու կողմէ գրի առնուած ժողովրդական երգեր, որոնք մեզի հասած են Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած երգասացներու միջոցով:
Մուտքը ազատ է: