Նախագահներ Սարգսեան եւ Սահակեան Ներկայ Գտնուեցան Ս. Զատկուան Տօնին Առթիւ Մատուցուած Հայրապետական Ս. Պատարագին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Ապրիլ 17-ին ներկայ գտնուեցան Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան` Ս. Զատկուան տօնին առթիւ մատուցուած Հայրապետական Ս. Պատարագին:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Մայր Աթոռէն իր պատգամը յղեց մասնաւորապէս ըսելով․ «Մեր կեանքը արժէք ու բովանդակութիւն կը ստանայ Քրիստոսի մահուան ու Յարութեան խորհուրդի լոյսին տակ: Ապրիլ Քրիստոսով եւ Քրիստոսի համար, ահա այս է փրկարար ուղին մեր կեանքի, հիմքը, պայմանն ու երաշխիքը թէ՛ որպէս անհատ, եւ թէ՛ որպէս հաւաքականութիւն մեր հոգեւոր աճի ու զօրացման, նաեւ` մեր հայրենիքի յառաջընթացին ու զարգացման, աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի բարօրութեան ու լուսաւոր գալիքին:

«Այսօր բազմաթիւ խնդիրներու առջեւ կանգնած է մեր երկիրը, մեր սահմաններուն վրայ խաղաղութիւնը անկայուն է, տակաւին յաղթահարուած չեն աղքատութիւնն ու գործազրկութիւնը, հրամայական է արտագաղթի կանխումը եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն դարձը դէպի հայրենիք: Յանդիման այս մարտահրաւէրներուն մեր ժողովուրդը ունի վսեմ յատկանիշները հայրենանուիրումի, ազգասիրութեան, ընտանիքի նուիրականութեան, ծնողքի հանդէպ սիրոյ, ունի յանձնառութիւն զոհողութիւններու` յանուն իր սրբազան արժէքներուն. եւ մենք ի զօրու ենք անառիկ պահելու հայրենի սահմանները, բարօր ու բարգաւաճ դարձնելու մեր երկիրը, բացառելու ազգային մեր կեանքէն բոլոր տագնապներն ու ցնցումները:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ժողովուրդին պատգամեց, որ մեր կեանքի ընթացքը, մեր կենսակերպը մեզ ոչ թէ պէտք է ջլատէ, պառակտէ, այլ միաւորէ եւ դարձնէ համախումբ` դիմագրաւելու համար մեր կեանքի մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները եւ լաւատեսութեամբ իրականութիւն դարձնելու ազգային մեր տեսիլքները։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *