Ազրպէյճանի Զինուժը Անցեալ Գիշեր Արձակած է Շուրջ 640 Կրակոց. Արցախի ՊԲ

Ապրիլ 17 լոյս 18-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է 55 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 640 կրակոց:

ԱՀ Պն մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` սահմանագիծի հարաւային, արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեայն ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ դիպուկահար հրացաններ (93 կրակոց):

Հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար՝ ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած են իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *