Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ցաւակցագիր Յղած է Ղպտի Եկեղեցւոյ Հովուապետին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցական գիր յղած է Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ, Աղեքսանդրիոյ Պապ եւ համայն Ափրիկէի Թաւադրոս Բ. պատրիարքին` Թանթայի (Եգիպտոս) Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Աղեքսանդրիոյ Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններուն առիթով, որոնց զոհ դարձած են եւ վիրաւորուած բազմաթիւ անմեղ մարդիկ:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբանութեան եւ Հայոց Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնած է Նորին Սրբութեան եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետեւորդներուն:

«Այս ծանր պահուն Մեր աղօթքներով ու մտքով զոհուածներու ընտանիքներուն եւ Ձեզի հետ ենք»,- նշած է Վեհափառ Հայրապետը` դատապարտելով ահաբեկչական գործողութիւնները:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայցած է Ամենազօր Աստծուն երկնային օթեւաններուն մէջ հանգստութիւն պարգեւելու զոհուածներու հոգիներուն, մխիթարութիւն` անոնց ընտանիքներուն եւ Քոյր Եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *