Ս. Փեթերսպուրկի Պայթիւնէն Ետք Երեւանի Մեթրոյի Կայարաններուն Մէջ Հսկողութիւն Կ’իրականացուի․ Քաղաքացիները Կը Ստուգուին

Ռուսիոյ Դաշնութեան Ս․ Փեթերսպուրկ քաղաքի մեթրոյին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնէն ետք` Երեւանի մեթրոյի կայարաններուն մէջ ոստիկանութեան ծառայողները խստացուցած են հսկողութիւնը:

«Անվտանգութիւնն աւելի ուժեղացուցած ենք, ինչ որ կը բխի մեր քաղաքացիներու շահերէն»,- նշած է Մեթրոփոլիտէնի տնօրէն Փայլակ Եայլոյեան` աւելցնելով, որ իրենք պարբերաբար նման ստուգումներ կ’իրականացնեն:

Փայլակ Եայլոյեան յայտնած է, որ ոստիկանութեան ծառայողները խստացուցած են հսկողութիւնը, կը ստուգեն կասկածելի չափերու ուղեբեռերը:

Յիշեցնենք, որ Ս․ Փեթերսպուրկի մեթրոյի կայարաններէն մէկուն մէջ երկու օր առաջ պայթիւն տեղի ունեցած է, որ խլած է 14 մարդու կեանք: Վիրաւորներուն թիւը կը գերազանցէ 50-ը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *