ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` Ապրիլ 2-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչութեամբ, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:
«Հանրութեան բոլոր հատուածներուն համար անվիճելի է, որ այս ընտրութիւնները տեղի ունեցան աւելի բարձր մակարդակով, քան նախորդ տարիներուն»,- ըսած է վարչապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընտրութեան մասնակցած Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն «իրենց աշխոյժ եւ պատասխանատու քաղաքացիական դիրքորոշումը դրսեւորելուն համար»:
«Այն քուէն, որ ստացած է մեր խումբը, կը պարտաւորեցնէ: Մենք յստակօրէն կը գիտակցինք այն պատասխանատուութեան, որ կը ստանձնենք եւ հաստատակամ ենք ժողովուրդին կողմէ մեզի տրուած փոփոխութիւններուն իրաւագիրը կեանքի կոչելու:
«Մեզի կը սպասէ հետեւողական եւ քրտնաջան աշխատանք: Անկասկած, ընելիքները շատ են, սակայն մենք չենք վախնար դժուար ճանապարհէն: Կրնան ամպագոռգոռ հնչել խօսքերս, բայց կ՛ըսեմ սրտիս խորքէն:
«Խօսք կու տամ չխնայելու ջանք ու եռանդ, որպէսզի ստեղծենք Նոր Հայաստան, որպէսզի մեր երկրի ամէն քաղաքացի ինքիրեն աւելի լաւ զգայ, քան առաջ»,- յայտարարած է վարչապետը: