ՀՀ ԱԳ Նախարարը Ընդունած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի Կարճաժամկէտ Դիտորդական Առաքելութեան Ղեկավարը

ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Մարտ 29-ին ընդունած է Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի կարճաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Իկնասիօ Սանչես Ամորը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալպանտեան գոհունակութեամբ արձանագրած է Հայաստանի եւ ԺՀՄԻԳ-ի միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ արժեւորած Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացներուն մէջ ԺՀՄԻԳ-ի արդէն 11-րդ անգամ դիտորդական առաքելութեան իրականացումը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր համարած է ԺՀՄԻԳ-ի կողմէն ընտրութիւններու դիտարկումը, ընտրական գործընթացներու կատարելագործման նպատակով օժանդակութեան տրամադրումը, օրէնսդրական բարեփոխումներու հետ կապուած ՀՀ համապատասխան պետական մարմիններու հետ հաստատուած փոխգործակցութիւնը: Նախարարը շեշտած է, որ, միջազգային կառոյցներու աջակցութեամբ, Հայաստանի մէջ իրականացած են ծաւալուն բարեփոխումներ, ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ համագործակցաբար լրամշակուած է ընտրական օրէնսգիրքը, որ արժանացած է նաեւ միջազգային համապատասխան կառոյցներու դրական գնահատականին:

Իկնասիօ Սանչես Ամորը ներկայացուցած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի կողմէ Ապրիլ 2-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու դիտարկման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը եւ տեղեկացուցած, որ դիտորդական առաքելութեան մէջ ներգրաւուած են երեք տասնեակ երկարաժամկէտ եւ շուրջ երեք հարիւր կարճաժամկէտ դիտորդներ, որոնք իրենց առաքելութիւնը պիտի իրականացնեն Երեւանի եւ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ:

Նախարար Նալպանտեան վերահաստատած է յառաջիկայ ընտրութիւնները միջազգային չափանիշներուն համապատասխան իրականացնելու ՀՀ իշխանութիւններուն վճռականութիւնը եւ վերահաստատած ԱԳՆ պատրաստակամութիւնը` իր իրաւասութիւններու շրջանակներուն մէջ օժանդակելու ԺՀՄԻԳ-ի դիտորդական առաքելութեան աշխատանքներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *