Արեւելեան Եւ Հիւսիսարեւելեան Հատուածներուն Մէջ Հակառակորդը Կրակած Է Դիպուկահար Հրացաններով

Մարտ 21-ին եւ լոյս 22-ի գիշերը արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիի վրայ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով, որոնց շարքին` դիպուկահար հրացաններ, հրադադարը խախտած է շուրջ 35 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 400 կրակոց:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` ազրպէյճանական զինուժը դիպուկահար հրացաններով բուռն կրակ բացած է արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան հատուածներուն վրայ` արձակելով 31 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն` պատասխան գործողութիւններու դիմելով միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *