Մարտ 20 լոյս 21-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է շուրջ 40 անգամ` հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 300 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը մեծ մասամբ ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէն եւ շարունակած են վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: