ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին եւ Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սէյետ Ալի Խամենէին` Նեւրուզի առթիւ:
ՀՀ նախագահը մաղթած է, որ Նոր Տարին Իրանի համար ըլլայ յետագայ զարգացման ու ձեռքբերումներու տարի:
Սերժ Սարգսեան նշած է, որ անցնող քառորդ դարու ընթացքին հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւնները շարունակ վերընթաց զարգացում ապրած են ամենատարբեր ոլորտներու մէջ` բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութենէն մինչեւ առեւտրատնտեսական սերտ համագործակցութիւն, մարդոց միջեւ կապերէն մինչեւ գիտակրթական ու մշակութային փոխգործակցութիւն:
ՀՀ նախագահը համոզուածութիւն յայտնած է, որ այդ hենքի վրայ հայ-իրանական միջպետական ամուր կապերը յետագային եւս կ’ընդլայնուին` ի նպաստ երկու ժողովուրդներու խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայի: