Հայաստանը Հաւատարիմ է ՄԱԿ-ի Յանձնառութիւններուն, Ներառեալ` ԼՂ Խնդրի Խաղաղ Կարգաւորման Ջանքերուն. Նալպանտեան

Հայաստանը լիակատար հաւատարիմ է ՄԱԿ-ի յանձնառութիւններուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն: Այս մասին, Մարտ 16-ին, Նիւ Եորքի Լինկըլն կեդրոնին մէջ ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին նուիրուած համերգէն առաջ՝ իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

ՀՀ ԱԳՆ տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին ներկայ եղած են ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիու Կուտերեշը, ՄԱԿ-ի մէջ հաւատարամագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *