Մարտ 16 լոյս 17-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է աւելի քան 35 անգամ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 450 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծի վրայ եւ իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն: